2014-02-01 09:34:37

Լիբանան,դիւանագիտական պատկառելի ներկայութեամբ. ներկայացում` Քաթիա Փելթեքեանի «Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակները» երկհատոր գիրքին


Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, երէկ` ուրբաթ, 31 յունուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քաթիա Փելթեքեանի «Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակները» (Տը թայմզ աֆ տի Արմինիըն Ճենոսայտ, 1914-1919, 1920-1923) երկհատոր աշխատասիրութեան ներկայացումը:
Ներկայ էր դիւանագիտական պատկառելի ներկայացուցչութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Հայաստանի, Վատիկանի, Արժանթինի, Ուրուկուէյի, Ռուսիոյ դեսպանները, ինչպէս նաեւ ներկայ էին համայնքներու ու միութենական ներկայացուցիչները եւ հոծ բազմութիւն մը:Նշենք, որ Փելթեքեանի երկհատոր այս գիրքը լոյս տեսած էր 13 հոկտեմբեր 2013-ին: Երկհատոր այս գիրքին առաջին մասը կ՛ընդգրկէ 1914-էն 1919-ի ընթացքին բրիտանական մամուլին, յատկապէս` «Տը Կարտիըն» (նախկին` «Տը Մանչեսթըր Կարտիըն» անունով հրատարակուած), Լոնտոնի «Տը Թայմզ» եւ «Տը Սանտէյ Թայմզ» թերթերու հրապարակումները Հայոց ցեղասպանութեան եւ առնչակից նիւթերու մասին, աւելի քան 450 յօդուած-գրութիւններ: Իսկ երկրորդ հատորը կ՛անդրադառնայ 1920-էն 1923-ի ընթացքին նշեալ մամուլին հրատարակած աւելի քան 570 գրութիւններուն:Գիրքին առաջին շնորհահանդէսը կատարուած էր 22 նոյեմբեր 2013-ին` Լոնտոնի «Հայկական տան» մէջ:Ձեռնարկի աւարտին Քաթիա Փելթեքեան մակագրեց իր այս նորագոյն աշխատասիրութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.